2012-02-14 12:49:27

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
<<Դէպի ապաքինում ու վերանորոգում>>


Վատիկանի ձայնասփիւռի տնօրէն՝ Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին իր շաբթուայ խմբագրականը կեդրոնացուց <<Դէպի ապաքինում ու վերանորոգում>> խորագրով տեղի ունեցած՝ միջազգային գիտաժողովին, որ նուիրուած էր մանկամոլութեան հարցին։
Արտակարգ նախաձեռնութիւն մը - կը գրէ հայր Լոմպարտին խմբագրականի սկիզբը- եկեղեցւոյ, ընկերութեան ու աշխարհի մէջ, պաշտպանելու համար անչափահասները ։ Ասիկա կրնայ հանդիսանալ Գիտաժողովի աշխատանքներու հակիրճ սահմանումը որ վերջերս տեղի ունեցաւ Հռոմի Գրիգորեան Համալսարանի մէջ, եւ որուն մասնակցեցան աշխարհի զանազան վայրերէ Հռոմ ժամանած՝ աւելի քան հարիւր եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու եւ միաբանութիւններու ներկայացուցիչներ։ Գիտաժողովը կը վայելէր նաեւ Վատիկանի նախարարութիւններու բարձրաստիճան հովանաւորութիւնը որոնք իրենց գործունեայ մասնակցութիւնը բերին Սրբազան Քահանայապետին որոշած ուղեգիծի համաձայն որ է <<ունկնդրել զոհերը, յանձնառումով աշխատիլ արդարութիւն հաստատելու համար, կանխարգիլել զեղծումները, ու եկեղեցին դարձնել անչափահասներու համար ապահով վայր մը ուր անոնք կարենան ապրիլ ու աճիլ մարդկային ու հոգեւոր արժէքներով։>>
Եկեղեցական ու հոգեւոր զօրեղ փորձառութիւն մը եղաւ գիտաժողովը, կը շարունակէ Հայր Լոմպարտին, ու մասնակցողներու միջազգային բնոյթը ապացոյց մըն էր որ եկեղեցական հասարակութեան ընթացքը որոշիչ կերպով կ՛ուզէ նպաստել` նոյնիսկ տեղական համայնքներու մէջ, անչափահասներու պաշպանութեան կարեւոր պարտականութիւնը լիովին կատարելու համար։

Ընտանիքի ու դաստիարկչական կազմակերպութիւններու այսօրուայ իրականութիւնը, համացանցային նոր աշխարհը, պոռնկագրութեան ընդլայնումը, քահանաներու եւ դաստիարակներու կազմաւորումը, նիւթեր են որոնց պէտք է անդրադառնանք հարցերը քննելու համար։
Եկեղեցւոյ դաստիարակչական դարաւոր փորձառութիւնը` որ զանազան մշակոյթներու մէջ ներմուծուած է` թարգմանը կը հանդիսանայ մանուկներու պաշտպանութեան միասնական արժէքին, ու հաստատ կերպով շարունակելով ընդգրկած ճանապարհը ու զանազան երկիրներու պատշաճ իշխանութիւններու ու բարի կամք ունեցող անձերուն հետ համագործակցութիւնը ամրապնդելով՝ Կաթողիկէ եկեղեցին կը փափաքի հիմնականօրէն նպաստել մարդկութեան ապագային հայող կարեւոր հարցերուն, որոնցմէ նաեւ մանուկներու ու անչափահասներու պաշտպանութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.